2014-06-07 12:24:47

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Աւելի քան 100 հազար մարզիկներ հանդիպում կ'ունենան ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։


Շաբաթ, 7 Յունիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու մատակարարումի Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Անթոնիօ Քանիզարէս Լովերան որմէ ետք յաջորդաբար ընդունեց` Կարտինալ Մարք Ուելլէն` Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը, Կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինին, Հռոմի թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը, Տիկ Միլակրօ Ամալիա Անճելա Սալան` “Organizaciòn Barrial Tupac Amaru” կազմակերպութեան նախագահը, հուսկ Տիար Էնրիք Փենա Նիեթոն Մեքսիքոյի նախագահը։
Իսկ յետմիջօրէի ժամը 17.00-ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն կը շնորհէ Իտալական Մարզական կեդրոնի անդամներուն, կեդրոնի 70-րդ ամեակի առթիւ։
Արդարեւ աւելի քան 100.000 մարզիկներ, իրենց պաշտօնական համազգեստով, առաւօտեան կանուխէն համախմբուեցան ս. Պետրոսի հրապարակը, հանդիպում ունենալու ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ու միասնաբար տօնախմբելու Իտալական մարզական կեդրոնի հիմնարկութեան այս 70 ամեակը։
Նշենք որ Իտալական մարզական կեդրոնը հիմնուած է 1944-ին, կաթողիկէ բանուորական շարժումի նախաձեռնութեամբ։ Անոր հաստատման 10-րդ տարեդարձին առթիւ, միքանի հազար մարզիկներ, Ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուեցան Պիոս ԺԲ Քահանայապետի օրհնութիւնը ստանալու համար։ Նոյնպէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը մարզիկներու հետ հանդիպում ունեցած էր 2004-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.